Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին
05.10.2026 18:40
Հայաստան
Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2026-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին։ Նախագահ Աունի այցելութեան հիմնական նպատակն էր ցաւակցութիւն յայտնել Վեհափառ Հայրապետին՝ եղբօր՝ Աւետիս Քէշիշեանի մահուան առիթով, որ վերջերս մահացած էր Նիւ Եորքի մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական